image

«Դատաւորի կիրակի»ն Պոլսոյ մէջ. Հանդիսապետած է Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեան (Լուսանկար)

«Դատաւորի կիրակի»ն Պոլսոյ մէջ. Հանդիսապետած է Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեան (Լուսանկար)

Օրերս Պոլսոյ մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուած է Մեծ Պահքի ծիրին մէջ եղող «Դատաւորի կիրակի»ն։ Գլխաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցած է Թօփգաբու շրջանի Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, ուր արարողութեանց նախագահած է Պոլսոյ միաբանութեան երէց անդամներէն՝ Գերշ. Տ. Արամ արք. Աթէշեան։

Ստորեւ այդ մասին հրապարակուած լրատւութիւնը։

Երէկ, 10 Մարտին, Մեծ Պահքի «Դատաւորի Կիրակի»ի առիթով Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան հանդիսապետեց ու քարոզեց Գերշ. Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Ս. Պատարագը մատոյց եկեղեցւոյ երէց՝ Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան ուխտաւոր դպիրներուն կողմէ առաջնորդութեամբ Բրկ. Գէորգ Ուր. Դպ. Չամի։ Դասուն մէջ տեղ գրաւած էին Թաղային Խորհուրդի անդամներ՝ Ատենապետ Նուրհան Սուճեանի գլխաւորութեամբ։

Յընթացս Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ ուրարի տուչութիւն։ Արամ Սրբազանի ձեռամբ ուրար կրելու իրաւունքի արժանացաւ եկեղեցւոյ երաժիշտ Բրկ. Յովհաննէս Դպ. Մուրատեան։

Տէրունական աղօթքէն առաջ քարոզելով Արամ Սրբազան անդրադարձաւ օրուայ խորհուրդին, արժեւորումներ կատարեց, յորդորներ տուաւ հաւատացեալներուն։ Տրուած ըլլալով որ Թուրքիոյ Պատրիարքական Աթոռը իր վերջին երեք գահակալները կորսնցուցած է Մարտ ամսու առաջին տասնօրեակին, երէկ Պատարագի աւարտին Հոգեհանգստեան յատուկ պաշտօնով ոգեկոչուեցան Երանաշնորհ Շնորք Արք. Գալուստեան, Գարեգին Արք. Գազանճեան եւ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան Պատրիարքները։ 

Աւարտին Արամ Սրբազանի ձեռամբ կատարուեցաւ նաեւ սրբապատկերի մը օծումը։

Դիտել տանք որ եկեղեցւոյ բակին մէջ սեղանի մը վրայ վաճառքի հանուած էին Ս. Զատիկը խորհրդանշող զարդեր, մոմեր եւ գեղեցիկ ձեռագործներ։