image

Պոլսոյ մէջ. Արգիլած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչումը

Պոլսոյ մէջ.  Արգիլած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչումը

Պոլսոյ նահանգապետարանը յայտարարեց, որ կ՛արգիլէ 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած հանրային ձեռնարկները: Այս մասին գրած է «Պիանեթ»ը (bianet):

Ապրիլի 24ի ոգեկոչման հարթակին կողմէ կազմակերպուած ձեռնարկը նախատեսուած էր իրականացնել Ապրիլ 24ին՝ Ցեղասպանութեան սկիզբի վայրը համարուող Քատըքոյ թաղամասին մէջ:

Այս որոշումը կը նկատուի շարունակութիւնը նախորդ տարիներու քաղաքականութեան, երբ հարթակին կողմէ այսպիսի դիմումներ կը մերժուէին:

Արգելքը ենթարկուեցաւ քննադատութեան զանազան իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնց կարգին՝ Մարդու իրաւունքներու կազմակերպութեան (IHD) կողմէ, որ ամէն տարի կ՛ոգեկոչէ Ցեղասպանութիւնը:

Հակառակ արգելքին, IHD-ի Ցեղապաշտութեան եւ խտրականութեան դէմ կոմիտէն կը նախատեսէ նոյն օրը Թաքսիմի մէջ գտնուող իրենց կեդրոնատեղիին մէջ «Ճանչնալ, ներողութիւն խնդրել, փոխհատուցել» խորագիրով ճեպազրոյց մը իրականացնել:

Ինչպէս նաեւ կը ծրագրուի կազմակերպել հաւաք մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուի ցեղասպանութեան դիմակայման անհրաժեշտութիւնը՝ «Ցեղասպանութիւն. ինչո՞ւ առճակատումը անհրաժեշտութիւն է» խորագիրով: 

23 Ապրիլի երեկոյեան, Շիշլիի Nostalji սրճարանին մէջ պիտի կազմակերպուի «Stop Racism and Nationalism» հարթակը: