Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէն Սինան Աքսու, օրերս, հիւրընկալած է Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչ փրոֆ. Թորոս Ալճանը, որ Անգարա այցի ծիրէն ներս ունեցած է շարք մը շփումներ ։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝
Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մէջ փոքրամասնութիւններու նախկին ներկայացուցիչ Փրօֆ. Տօքթ. Թորոս Ալճան եւ այժմու ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը 11 Նոյեմբերին Անգարա այցելեցին եւ հանդիպում մը ունեցան Վագըֆներու Ընդհանուր Տնօրէն Սինան Աքսուի հետ՝ իր նստավայրին մէջ։
Մտերմիկ զրոյց մը կայացաւ օրակարգային հարցերու քննարկումով։ Փրօֆ. Ալճան Սինան Աքսուին նուիրեց Պիւքէ Ուրասի «Պալեաններ, Օսմանեան ճարտարապետութիւնն ու Պալեաններու արխիւը» խորագրով գիրքը։
Նոյն օրը Թորոս Ալճան այցելեց նաեւ Վագըֆներու նախկին Ընդհանուր Տնօրէն, ներկայիս Աշխատանքի ու Ընկերային Ապահովութեան փոխնախարար Տօքթ. Ատնան Էրթէմին։ Տեղի ունեցաւ գաղափարի փոխանակում՝ առօրեայ թեմաներու շուրջ։