image

Պլինքըն Ալիեւը յորդորած է հաւատարիմ մնալ հրադադարին

Պլինքըն Ալիեւը յորդորած է հաւատարիմ մնալ հրադադարին

Միացեալ  Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ` կոչ ընելով պահպանելու հրադադարի ռեժիմը։ Այս մասին յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։

«Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ գիշերային հեռախօսազրոյցի ժամանակ խոր մտահոգութիւն յայտնած է հայ–ատրպէյճանական սահմանի երկայնքով ընթացող մարտական գործողութիւններու ու բուն Հայաստանի տարածքի հրետակոծութեան առնչութեամբ։ Պլինքըն յորդորած է Ալիեւը պահպանել հրադադարի ռեժիմը` ընդգծելով, որ Միացեալ Նահանգները պիտի պնդէ, որ մարտական գործողութիւններն անյապաղ դադրեցուին եւ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ կարգաւորում տեղի ունենայ», –ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ալիեւի հետ ունեցած հեռախօսազրոյցի մասին Պլինքըն յայտնած է նաեւ Twitter–ի էջով։

«Այսօր խօսած եմ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ, որպէսզի ողջունեմ հրադադարն ու յորդորեմ ետ քաշել զինուած ուժերը եւ վերադառնալ խաղաղ բանակցութիւններուն», – գրած է ան։