image

Պլինքն-Ալիեւ քննարկում. Թեման Հայաստանի հետ բանակցութիւններն են

Պլինքն-Ալիեւ քննարկում. Թեման Հայաստանի հետ բանակցութիւններն են

ԱՄՆ պետական քարտուղար Անթոնի Պլինքընը հեռախօսազրոյց ունեցած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ, կը տեղեկացնէ Պետական քարտուղարութեան խօսնակ Նետ Փրայսը:

Համապատասխան հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ Պլինքընը, ի շարս այլնի, քննարկած է հայ-ատրպէյճանական խաղաղութեան բանակցութիւնները:

«Պետական քարտուղարը խրախուսած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան  բանակցութիւնները, այդ շարքին` նախագահ Ալիեւի եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի` Ապրիլ 6-ին Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի հետ ծրագրուած հանդիպումը: Ան կրկնած է, որ Միացեալ Նահանգները պատրաստ է օգնելու` ներգրաւուելով երկկողմանի եւ համախոհ գործընկերներու հետ, այդ շարքին` որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ դերի միջոցով` օգնելու երկիրներուն գտնել երկարաժամկէտ համապարփակ խաղաղութիւն», կ'ըսուի հաղորդագրութեան մէջ: