image

Աֆղանստանի եւ Փաքիստանի միջեւ բանակցութիւններն աւարտած են առանց որեւէ արդիւնքի

Աֆղանստանի եւ Փաքիստանի միջեւ բանակցութիւններն աւարտած են առանց որեւէ արդիւնքի

Աֆղանստանի եւ Փաքիստանի միջեւ Իսթանպուլի մէջ երկարաժամկէտ զինադադարի շուրջ բանակցութիւններն աւարտած են առանց որեւէ արդիւնքի, հաղորդած է Reuters-ը։

Աֆղանստանի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Փաքիստանի բանակի ու պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակները մեկնաբանութիւն չեն ըրած։

Յիշեցնենք, որ երկիրները հոկտեմբեր 19-ին Տոհայի մէջ ստորագրած են հրադադարի մասին համաձայնագիր եւ երեք օր առաջ սկսած են բանակցութիւններ՝ երկարաժամկէտ համաձայնութեան հասնելու փորձով։