image
Հրատապ լուրեր:

Արաղչին լաւ սկիզբ անուանած է Իրանի եւ ԱՄՆ-ի բանակցութիւններն Օմանի մէջ

Արաղչին լաւ սկիզբ  անուանած է Իրանի եւ ԱՄՆ-ի բանակցութիւններն Օմանի մէջ

 

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին Թուրքիոյ, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ իր պաշտօնակիցներուն հետ ունեցած հեռաձայնային զրոյցներու ընթացքին դրական գնահատած է 6 փետրուարին Մասքաթի մէջ ԱՄՆ-ի հետ տեղի ունեցած բանակցութիւնները՝ Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ։ Այդ մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»։

Նշուած է, որ ըստ Իրանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան յայտարարութեան՝ Արաքչին «բանակցութիւնները անուանած է լաւ սկիզբ՝ միաժամանակ շեշտելով ամերիկեան կողմին մտադրութիւններուն եւ նպատակներուն նկատմամբ անվստահութեան վերացման անհրաժեշտութիւնը»։