image

«Պիտի խորհինք, թէ ինչպէս պէտք է վարուիլ Հայաստանի հետ». Փեսքով

«Պիտի խորհինք, թէ ինչպէս պէտք է վարուիլ Հայաստանի հետ». Փեսքով

Ռուսաստանը կ’ափսոսսայ Մինսքի մէջ ՀԱՊԿ գագաթաժողովին Հայաստանի բացակայութեան համար եւ յոյս ունի, որ Երեւանը չի փոխեր արտաքին կողմնորոշումը ու կը մնայ Մոսկուայի դաշնակիցը: Այդ մասին ըսած է Քրեմլինի խօսնակ Տմիթրի Փեսքովը:

«Այս առնչութեամբ մենք կրնանք ափսոսանք յայտնել, ՀԱՊԿ-ը կը շարունակէ իր աշխատանքը», նշած է Փեսքով «Россия-1» հեռուստակայանի թղթակից Փաւել Զարուպինի հետ զրոյցին։

Փեսքովի խօսքով, գագաթաժողովի օրակարգին մէջ եղած է «այսպէս կոչուած հայկական գործօնը» եւ այդ հարցին շուրջ միտքերու փոխանակում տեղի ունեցած է։

«Ի հարկէ, ՀԱՊԿ-ը շահագրգռուած է, որ Հայաստանը շարունակէ իր մասնակցութիւնը, յոյսով ենք, որ Հայաստանը չի փոխեր իր արտաքին քաղաքականութեան կողմնորոշումը, Հայաստանը կը մնայ մեր դաշնակիցը, մեր ռազմավարական գործընկերը ե՛ւ երկկողմ, ե՛ւ բազմակողմ ձեւաչափերու մէջ փոխգործակցութեան առումով: Մենք պիտի շարունակենք Հայաստանի հետ գործակցութիւնը», նշած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի խօսնակը: