image

Պիտի ջանանք Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութիւն կերտել. Իրանի դիւանագիտութեան պետ

Պիտի ջանանք Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ խաղաղութիւն կերտել. Իրանի դիւանագիտութեան պետ

Տարածաշրջանին մէջ փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենան, եւ մենք պէտք է փորձենք Իրանի դերը միշտ կառուցողական դարձնել այդ հարցով եւ կանխել տարածաշրջանին մէջ նոր ճգնաժամի յառաջացումը:

 

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հըսէյն Ամիր Ապտըլ Լահեան յայտնած է, որ Թուրքիոյ եւ Սուրիոյ միջեւ խաղաղութեան հաստատումը Դամասկոս իր այցի նպատակներէն է, որ կը սկսի այսօր, այն ժամանակ, երբ թրքական յայտարարութիւնները կը կրկնուին Սուրիոյ հիւսիսը նոր ռազմական գործողութեան մօտալուտ իրականացման մասին:

Ապտըլ Լահեան ըսած է. «Իմ 4-օրեայ Թուրքիա այցը ամբողջացնելու համար պէտք է խորհրդակցութիւններ կայացուին սուրիացի պաշտօնեաներու հետ: Տարածաշրջանին մէջ փոփոխութիւններ տեղի կ'ունենան, եւ մենք պէտք է փորձենք Իրանի դերը միշտ կառուցողական դարձնել այդ հարցով եւ կանխել տարածաշրջանին մէջ նոր ճգնաժամի յառաջացումը»:

Ան նշած է, որ Սուրիա իր այցին միէկ մասը նպատակ ունի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն հաստատել Սուրիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, «քանի որ անոնք երկու երկիրներ են, որոնք կարեւոր յարաբերութիւններ ունին Իրանի հետ»:

Իրանցի նախարարը յաւելած է, որ «նախագահ Պաշշար Ասատի վերջին այցը Իրան շրջադարձային է երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ, եւ մենք բոլոր ոլորտներուն մէջ թեւակոխած ենք նոր փուլ»:

Իր հերթին, Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատ Դամասկոսի միջազգային օդակայանին մէջ իր իրանցի գործընկերը ընդունելէ յետոյ ըսած է, որ «այս այցը շատ կարեւոր է եւ տեղի կ'ունենայ բազմաթիւ տեղական, տարածաշրջանային եւ միջազգային զարգացումներէ յետոյ»:

Մըքտատ յաւելած է. «Մենք Իրանի կողքին ենք միջուկային գործին ջանասիրաբար հետեւելու հարցով եւ կ'աջակցինք անոր դիրքորոշման այս ոլորտին մէջ»: