Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Դպրեվանքի Տեսուչ Հոգշ. Տ. Պարոյր վրդ. Շէռնէզեան կը գրէ՝
Աւելի քան 90 տարիներէ ի վեր, Դպրեվանքի առաքելութեան կիզակէտը եղած է պատրաստել այնպիսի անհատներ, հոգեւորական թէ աշխարհական, որոնք եկեղեցւոյ եւ կամ համայնական կեանքին մէջ անսակարկ ծառայութիւն կը մատուցեն։ Շօշափելի տուեալներէ մեկնած, եթէ նկատի առնենք միա՛յն կուսակրօն եւ ամուսնացեալ հոգեւորականները, արդէն իսկ մարդուժի հարուստ պատկեր մը կը գծուի մեր դիմաց։ Անոնց աշխատանքին իբրեւ արդիւնք, մեծաթիւ անհատներ եւ հաւաքականութիւններ որակաւոր ձեւով պատրաստուած ու կազմակերպուած են, որպէսզի թեմական կամ գաղութային կեանքին մասնակից եւ աշխատող մարդուժը աճի։
Աւելին, նոյնիսկ անոնք, որոնք տարբեր պատճառներով չեն յաջողած Դպրեվանքեան ուսումնակրթական ծրագիրը ամբողջացնել, անպայմանօրէն Դպրեվանքեան ծառայութեան նկարագիրը դրսեւորած են Հայրենիքի եւ Սփիւռքի մեր տարբեր գաղութներու կեանքի բազմաշերտ մարզերուն մէջ։ Ահաւասիկ, այս ընդհանուր պատկերին ընդմէջէն, կարելի է տեսնել Դպրեվանքի մարդուժ պատրաստելու ազդեցիկ կարողութիւնը եւ անոր օգտագործած արդիւնաւէտ միջոցները։ Դպրեվանքը, իր տեսչական եւ ուսուցչական կազմերով, տիկնանց խորհուրդով եւ գործակցող կառոյցներով, իր յանձնառութիւնը կ՚ամրապնդէ, առաւել եւս կ՚արմատաւորէ զայն եւ յաւելեալ պատասխանատուութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը լծուի իր ստանձնած յոյժ կարեւոր առաքելութեան։
Որքան ուժերն ու ներդրումները համախմբուին Դպրեվանքին շուրջ, այնքան աւելի յաջողութեամբ կը պսակուին Սփիւռքին ու Հայրենիքին ուղղուած աշխատանքները, որոնք կը նպաստեն մեր հաւաքական կեանքին ծաղկումին եւ բարգաւաճման։
Դպրեվանքի անցեալը մարդուժի վաստակով հարուստ է, ներկան մարդուժի անդադրում «ձուլարան» է, իսկ ապագան՝ քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայապահպանման աշխատանքներու յաջողութեան երաշխիք է ու գրաւական։
Պարոյր Վրդ. Շէրնէզեան
Տեսուչ Դպրեվանուց