Կարեւոր եւ իմաստուն պատգամով հանդէս եկաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Կաթողիկոսութեան ամառնային կեդրոնատեղիին մէջ նշուած «Պիքֆայայի ուխտի օր»ուան առթիւ։
Եղելութեան մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ «Կիլիկիա» հարթակէն։
Ստորեւ տրուած թղթակցութիւնը
Օրըստօրէ սաստկացող ազգային ու տարածաշրջանային վտանգներու դիմաց ամուր կամք ցուցաբերելու եւ տոկալու համար կարիքը ունինք նայելու դէպի վեր՝ Աստուծոյ, ու հաւատքով հայցելու Անկէ բխող ամրութիւնն ու յոյսը։ Սուրբ Մարիամ Աստուածածինի վերափոխման յիշատակումը մեզի առիթ կ՚ընծայէ, որ քով-քովի հաւաքուելով, եկեղեցի՛ դառնալով, վերանորոգենք մեր ուխտը եւ վերանորոգ յոյսով դիմագրաւենք մեր մարտահրաւէրները։ Սուրբ Աստուածածին Վանքի ուխտի տօնին առիթով մատուցուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին՝ հայրապետական պատգամը կեդրոնացաւ Հայաստանի ներկայ անորոշ ու մտահոգիչ կացութեան:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախագահութեամբ, Շաբաթ, 16 Օգոստոս 2025-ի երեկոյեան, Սուրբ Աստուածածին Վանքի համանուն մատրան ղօղանջներուն ներքեւ ընթացք առաւ Սուրբ Պատարագը, որ մատուցեց Կաթողիկոսարանի դիւանապետ Գերաշնորհ Տ. Տաճատ Եպիսկոպոս Աշըգեան, իսկ երգեցողութիւնը կատարեց Կաթողիկոսարանի «Շնորհալի» երգչախումբը՝ խմբավարութեամբ Հոգեշնորհ Տ. Զաւէն Վրդ. Նաճարեանի։
Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, հայրապետական թափօրով սուրբ խորան բարձրացաւ Նորին Սրբութիւնը, միաբան հայրերու ընկերակցութեամբ, եւ նախագահեց խաղողօրհնէքի ու մատաղօրհնէքի արարողութեան։ Ապա յղեց իր հայրապետական պատգամը։ Հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով եւ ազգային վառ ապրումներով ողջունելէ ետք մեր ժողովուրդի զաւակները, գոհութիւն ու փառք տուաւ Աստուծոյ, որ ահաւասիկ անգամ մը եւս ուխտաւորաբար համախմբուած ենք մեր ժողովուրդին սիրելի սրբավայրին՝ Սուրբ Աստուածածին Վանքին մէջ, նշելու համար անոր ուխտի օրը։ Վեհափառ Հայրապետը ընդգծեց եկեղեցւոյ կեանքին մէջ սուրբերուն առանցքային դերակատարութիւնը եւ անոնց տօներու նշման առթած հրաւէրը՝ մեր հաւատքը ամրապնդելու եւ քրիստոնէական ինքնութիւնը բիւրեղացնելու, յատկապէս ներկայ աշխարհի երեւելի եւ աներեւոյթ չարերուն ու չարիքներուն դիմաց։ Այս առիթով, Հայրապետը թարգմանը դառնալով հաւատացեալներուն, աղօթք վերառաքեց՝ խնդրելով Ամենակալէն բարի գործերու յաջողութիւն, ճամբորդներուն ապահովութիւն, հիւանդներուն առողջութիւն, կարիքաւորներուն օգնութիւն, հայ ազգին միութիւն։
Խօսելով Հայաստանի ներկայ կացութեան մասին, Նորին Սուրբ Օծութիւնը դիտել տուաւ, որ Հայաստանի անկախութիւնը, անվտանգութիւնն ու ամբողջականութեան ամուր պահպանումը կիզակէտն է Հայրապետին եւ հայրապետական Սուրբ Աթոռին մտահոգութեանց, իսկ այս գծով Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին տեսակէտները ու առաջադրանքները յստակ ու հետեւողական կերպով կը պարզուին հրապարակային զանազան առիթներով։
«Հայաստանը այսօր իրողապէս կը գտնուի ներքին ճեղքերու առաւել խորացումով ու աննախատեսելի հետեւանքներով յղի պայմաններու մէջ», ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս, նշելով ներքին ճակատի վրայ իշխանութիւն-եկեղեցի յարաբերութիւնը, իսկ արտաքին ճակատի վրայ, վերջերս Ուաշինկթընի մէջ, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին միջամտութեամբ ու վկայութեամբ կնքուած Հայաստան-Ազրպէյճան համաձայնագիրը։ Վեփափառ Հայրապետը շեշտեց, որ «հարկ է կարեւորութեամբ անդրադառնալ, թէ մեր եկեղեցին մեր ազգին ինքնութեան կարեւորագոյն ազդակներէն եւ մեր գոյութեան ամէնէն զօրեղ կառոյցներէն մէկն է, անկասկած: Բոլոր պայմաններուն մէջ, պէտք է զայն պահել կազմակերպ՝ իր ներքին կեանքով, ու ամուր՝ իր հայրենակերտ ու ազգաշէն առաքելութեամբ»:
Խօսելով ստորագրուած յիշեալ համաձայնութեան մասին, Նորին սրբութիւնը մտահոգութեամբ անդրադարձաւ դարերու ընթացքին մեծ ոյժերու կողմէ յաճախ կռուախնձոր դարձած Հայաստանին՝ այսօր աշխարհաքաղաքական ոյժերու բախումի հանդիսարան դառնալու վտանգին ենթակայ ըլլալուն: Առ այդ, ան ահազանգ հնչեցուց եւ յորդորեց ըլլալ արթուն եւ զգոյշ, որովհետեւ նորը շինելու հեռանկարով հինը մոռացութեան դատապարտելու փորձը, մեզ անցեալին ու ապագային կապող կամուրջները քանդելն ու Հայաստանը Սփիւռքէն հեռացնելու ճիգերը մեզ կրնան առաջնորդել դէպի ազգաքանդում:
Վերջապէս, Հայրապետը մէջբերելով պատմահայր Մովսէս Խորանցիի «Ողբ»էն, ըսաւ. «սա պահուն «ցաւալի ու տխուր» խօսքէն անդին, արթնութեան ու պատասխանատուութեան կոչ պիտի ուղղենք հայրենի մեր սիրելի ժողովուրդին.- սթափի՛ր, յուսահատութեան ու անտարբերութեան ալիքներուն մէջ տատանող հայրենի՛ ժողովուրդ. դուն ըսելիք ու ընելիք ունիս, որովհետեւ իշխանութիւնը դո՛ւն ես, պետութիւնը դո՛ւն ես, եկեղեցին դո՛ւն ես. հետեւաբար, նաեւ Հայաստանի ապագայ ընթացքը ճշդողը դո՛ւն պիտի ըլլաս»: Հայրապետը եզրափակեց իր պատգամը կոչ ուղղելով դադրեցնել լոզունքներու ու ամբաստանութիւններու, սպառնալիքներու ու ձերբակալութիւններու հայրենաքանդ արշաւը եւ սկսելու լուրջ քննարկումներու գործընթացին՝ յարգանքի մթնոլորտին մէջ եւ օրէնքի ու իրաւունքի սահմաններէն ներս: «Ա՛յս կը պահանջէ Հայրենիքը: Ա՛յս գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ կոչուած են գործելու Հայրենիքին հզօրութեան, եկեղեցւոյ պայծառութեան ու ազգին միութեան նախանձախնդիր ու պաշտպան բոլո՛ր պատասխանատուները»:
Սուրբ Պատարագի մատուցման, մատաղի ու խաղողի օրհնութեան եւ հայրապետական պատգամի աւարտին, մեր ժողովուրդի ուխտաւոր զաւակները հաղորդութիւն ստացան, ինչպէս նաեւ օրհնուած մատաղ ու խաղող։
Թող Աստուած ընդունի մեր բոլորին ուխտն ու աղօթքները։