Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի այցը Թուրքիա օրակարգի վրայ է, սակայն յստակ ժամկէտներ դեռ չկան, այդ կախեալ պիտի ըլլայ երկու ղեկավարներու ժամանակացոյցէն, լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոսթի»ն:
«Այցը օրակարգի վրայ է, կապի մէջ ենք մեր թուրք գործընկերներու հետ, սակայն յստակ ժամկէտներ դեռ չկան: Սա երկու նախագահներու ժամանակացոյցի համաձայնեցման խնդիր է», -ըսած է Փեսքովը՝ խօսելով այցի ծրագրերու մասին։
Ան նշած է, որ վերջերս ուղիղ գիծով նախագահն ինքն ըսած է, որ պատրաստ է նման այց կատարելու։
«Հազիւ որ հնարաւորութիւն ընձեռուի, ան կ՚ընէ այդ, հիմա, սակայն, շեշտը, բնականաբար, աւելի շատ ներքին գործընթացներու վրայ դրուած է»,-աւելցուցած է Քրեմլի ներկայացուցիչը։