image
Հրատապ լուրեր:

Փութինի եւ Ռայիսիի բանակցութիւնները շատ յագեցած եղած են. Փեսքով

Փութինի եւ Ռայիսիի բանակցութիւնները շատ յագեցած  եղած են. Փեսքով

Ռուսիոյ Դաշնութեան եւ Իրանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Իպրահիմ Ռայիսիի բանակցութիւնները յագեցած եղած են, յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:

«Հիմնական հարցերը շարադրուած եղած են ողջոյնի յայտարարութիւններուն մէջ, որոնք նեղ կազմով հանդիպման սկիզբը ըրած են նախագահները։ Այդ, ի հարկէ, պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան շուրջ կարծիքներու փոխանակումն է, երկկողմ յարաբերութիւնները․․․ Եւ միջազգային այլ գործերու վերաբերեալ «ժամացոյցներու ստուգումը»,-ըսած է Փեսքով։

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամուլի քարտուղարը նշած է, որ ընդլայնուած կազմով բանակցութիւններն ընթացած են աւելի քան երկու ժամ:

«Երկու ժամէ աւելի առարկայական զրոյց ընթացած է, եւ նախարարները զեկուցած են իրենց ուղղութիւններով, ընդ որում՝ առարկայական խօսած են, թէ ուր ինչ խնդիրներ կան, լուծման ինչ ուղիներ, ինչ պէտք է ընել համագործակցութեան հետագայ զարգացումը արագցնելու համար»,-ըսած է Փեսքով:

Յիշեցնենք, որ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսին դեկտեմբեր 7-ին այցով ժամանած է Մոսկուա, ուր հանդիպում ունեցած է իր ռուս գործընկեր Վլատիմիր Փութինի հետ: