Ռուսաստանի նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքով Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը անուանած է շատ աւելի մեծ խնդիրի միայն մէկ մասը: «Եւ, ի հարկէ, նախագահ Փութին պատրաստ է բանակցութիւններու», նշած է Քրեմլի խօսնակը: Աւելի վաղ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով չէր բացառսծ ՆԱԹՕ-ի հետ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան երաշխիքներու շուրջ համաձայնութեան գալու հնարաւորութիւնը` ըսելով, որ «միշտ կայ հնարաւորութիւն»:
Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսոնի գրասենեակէն նշած էին, որ Լոնտոնը պիտի գործադրէ բոլոր ջանքերը եւ պիիտ օգտագործէ դիւանագիտութեան հնարաւորութիւնները` լարուածութիւնը թուլցնելու համար: ԱՄՆ-ի եւ Ռուսաստանի միջեւ երկխօսութեան հետագայ հեռանկարները գնահատած է նաեւ ԱՄՆ Պետական քարուղարութեան մամուլի ծառայութեան ղեկավար Նետ Փրայսը: Ան նշած է, որ հետագայ դիւանագիտական շփումները կախուած պիտի ըլլան Մոսկուայի արձագանգէն: