Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը, Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիոյ վրայ զանգուածային յարձակումէն մէկ օր անց անդրադարձած է ատոր։ «Ես միշտ շատ լաւ յարաբերութիւններ ունեցած են Վլատիմիր Փութինի հետ, բայց անոր հետ ինչ որ բան պատահած է։ Ան լրիւ խելքը թռցուցեր է»,- գրած է Սպիտակ տան ղեկավարը Truth Social ընկերային ցանցի մէջ կիրակի՝ մայիս 25-ին։
«Ան անտեղի բազմաթիւ մարդիկ կը սպաննէ, եւ ես միայն զինուորներու մասին չեմ խօսիր»,- Փութինի մասին Տանըլտ Թրամփ խօսած է լրագրողներու հետ զրոյցին։ «Մենք բանակցութիւններ կը վարենք, իսկ ան հրթիռներ կ՚արձակէ Քիեւի եւ միւս քաղաքներու վրայ։ Այս մէկը բոլորովին սխալ է ինծի համար»,-ըսած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը։
Անոր խօսքով՝ ինքը միշտ ալ այն կարծիքը ունեցած է, որ Ռուսիոյ նախագահը «կ՚ուզէ ամբողջ Ուքրանիան, այլ ոչ թէ ատոր մէկ մասը»։ «Բայց եթէ ան այդ ուղղութեամբ շարժի, ապա պիտի յանգեցնէ Ռուսիոյ անկման»,- վստահեցուցած է Թրամփը։ Ան նաեւ նշած է, որ կը քննարկէ Մոսկուայի դէմ լրացուցիչ պատժամիջոցներ կիրառելու հնարաւորութիւնը։
Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու նախագահը քննադատած է Ուքրանիոյ առաջնորդ Վլատիմիր Զելենսքին։ Թրամփի խօսքով՝ Զելենսքին «իր երկրին լաւութիւն չըներ իր յայտարարութիւններով»։ «Անոր բերնէն դուրս եկող ամէն բառ խնդիր կ՚առաջացնէ, այդ մէկը ինծի հաճելի չէ, եւ լաւ կ՚ըլլայ, որ այդ դադրեցուի»,- գրած է Սպիտակ տան ղեկավարը՝ աւելցնելով, որ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը «Զելենսքիի, Փութինի եւ Պայտընի պատերազմն է, այլ ոչ թէ Թրամփի, ինքը միայն կ՚օգնէ մարել մեծ ու տգեղ հրդեհները»: