Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը հրամանագիր ստորագրած է Ալեքսանտր Տարչիեւին Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ դեսպան նշանակելու մասին։ Համապատասխան փաստաթուղթը տեղադրուած է իրաւական հրամանագրերու պաշտօնական հրապարակման կայքին մէջ։
«Ալեքսանտր Նիքիթիչ Տարչիեւը միաժամանակ նշանակել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան եւ Միացեալ Նահանգներու մշտական դիտորդ Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան մէջ», -ըսուած է հրամանագրին մէջ։
Ալեքսանտր Տարչիեւը ծնած է 1960 թուականի մայիս 14-ին։ 1983 թուականին աւարտած է Մոսկուայի պետական համալսարանի պատմական գիտութիւններու թեկնածութիւնը։ Կը տիրապետէ անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի, Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ կ՚աշխատի 1992 թուականէն, ունի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի դիւանագիտական աստիճան։ 2014 թուականի հոկտեմբերէն մինչեւ 2021 թուականի յունուարը եղած է Գանատայի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան։