Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահներ Վլատիմիր Փութին եւ Իպրահիմ Ռայիսի կարծիքներու հանգամանալից փոխանակում կատարած են Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի եւ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցի շուրջ։
«Վլատիմիր Փութին տեղեկացուցած է Ռուսիոյ Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմի գործունէութեան մասին, անոր կարգին՝ խաղաղ բնակչութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու, Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան իրաւունքներու եւ անվտանգութեան պաշտպանութեան մասին։ Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահներն ընդգծած են բոլոր հարցերը բացառապէս խաղաղ, քաղաքական եւ դիւանագիտական ճանապարհով լուծելու կարեւորութիւնը։
Երկուստեք շահագրգռուածութիւն յայտնուած է «3+3» հարթակի (Ատրպէյճան, Հայաստան, Վրաստան գումարած Ռուսիա, Իրան, Թուրքիա) աշխատանքի աշխուժացման հարցով»,- ըսուած է երկու երկիրներու ղեկավարներու հեռախօսազրոյցի վերաբերեալ Քրեմլինի մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: