Հայաստանը «պէտք» է հրաժարի զինուելու քաղաքականութենէն, ատոր «պէտք» է վերջ տալ. այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
«Այս մասին ես բազմիցս խօսած եմ։ Անոնք պէտք է հրաժարին զինուելէ, քանի դեռ ուշ չէ: Անոնք երբեք չեն կրնար մրցիլ մեր հետ։ Մենք պատերազմ չենք ուզեր: Մենք հասանք մեր ուզածին, ապահովեցինք մեր տարածքային ամբողջականութիւնն ու պետական ինքնիշխանութիւնը», -ըսած է Ատրպէյճանի նախագահը։
Ալիեւի պնդմամբ՝ «որոշ արեւմտեան երկիրներ Երեւանը կը դրդեն նոր պատերազմի, որ աղէտ պիտի ըլլայ Հայաստանի համար»:
«Ես հայկական կողմին բազմիցս բացատրած եմ, որ պէտք չէ ենթարկուին սադրանքներու, բայց Հայաստանը կը շարունակէ զինուիլ։ Մենք, տեսնելով այդ, պէտք է պատրաստ ըլլանք որեւէ սադրանքների։ Ատրպէյճանի զինուած ուժերը կը գտնուին լիարժէք մարտական պատրաստութեան վիճակի մէջ»,- ըսած է ան։