image

«Եւրոպան այլեւս «ամենակեր» պէտք է դառնայ». Մաքրոնէն ուշագրաւ յայտարարութիւն

«Եւրոպան այլեւս «ամենակեր» պէտք է դառնայ». Մաքրոնէն  ուշագրաւ յայտարարութիւն

Եւրոպան այլեւս չի կրնար աշխարհի «բուսակերը» ըլլալ եւ փոխարէնը պէտք է «ամենակեր» դառնայ. այս մասին, Politico-ի հաղորդմամբ, ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը Պուտափեշտի մէջ եւրոպական քաղաքական համայնքի հաւաքի ժամանակ։ 

Աղբիւրը նկատած է, որ Ֆրանսայի նախագահի մեկնաբանութիւնները հնչած են մէկ օր անց այն բանէ ետք, երբ հանրապետական Տանըլտ Թրամփը յաղթած է Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն, որ մտավախութիւն առաջացուցած է, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը կրնայ նուազեցնել Ուաշինկթընի ֆինանսական մասնակցութիւնը ՆԱԹՕ-ի մէջ՝ ստիպելով եւրոպական երկիրներուն մեծցնել պաշտպանական ծախսերը:

Մաքրոնը յայտնի է որպէս Եւրոպայի ամենաաշխուժ ջատագովն առ այն, որ դաշինքն ամէն ինչի մէջ՝ պաշտպանութենէն մինչեւ առաջադէմ արհեստագիտութիւններ աւելի անկախ դառնայ մրցակիցներէն՝ Չինաստանէն եւ Միացեալ Նահանգներէն: 

«Ինծի համար պարզ է. աշխարհը կազմուած է բուսակերներէ եւ մսակերներէ։ Եթէ մենք որոշենք մնալ բուսակեր, ապա մսակերները կը յաղթեն, և մենք անոնց համար շուկայ կը դառնանք: Կը կարծեմ, որ մենք պէտք է ընտրենք ամենակեր դառնալը: Չեմ ուզեր յարձակողական դառնալ, պարզապէս կ՚ուզեմ՝ իմանանք՝ ինչպէս պաշտպանուիլ»,-ըսած է եւրոպացի առաջնորդներուն Պուտափեշթի մէջ կայացած հաւաքի ժամանակ։