image

Արամ Ա-ն եւ Օքամփօն քննարկած են արցախահայերու իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր

Արամ Ա-ն եւ Օքամփօն քննարկած են արցախահայերու իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր

Նոյեմբեր 1-ին Մեծի տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա-ն եւ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին ընդհանուր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօն քննարկած են արցախահայերու իրաւունքներուն վերաբերող հարցեր:

Խօսակցութեան առանցքը հանդիսացած է նոյեմբեր 11-22 Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք COP29 միջազգային համագումարի լոյսին ներքոյ արցախահայերու իրաւուքններու հարցի բարձրաձայնելը:

Արամ Ա. Կաթողիկոսը մեծապէս գնահատելով դատախազ Օքամփոյի օգնութիւնն Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան՝ յայտնած է, որ արդէն ինք վերջին շաբաթներու ընթացքին աշխատանքներ կը տանի՝ ի խնդիր Արցախի հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ գերիներու ազատ արձակման համար: