image

Իրանեան զօրավարժութեան մասնակից պիտի դառնան զինուորներ. Խորագիրը՝ «Դէպի Երուսաղէմ»

Իրանեան զօրավարժութեան մասնակից պիտի դառնան զինուորներ. Խորագիրը՝ «Դէպի Երուսաղէմ»

Իրանը կը պատրաստուի նոյեմբեր 19-20-ը Լորեստան նահանգի մէջ կայացնել «Դէպի Երուսաղէմ» զօրավարժութիւնը՝ 30,000 զինծառայողի մասնակցութեամբ: Ռազմական սարքաւորումներու տեղակայումն արդէն սկսած է, յայտնած է lorestan.iribnews.ir կայքը:

Իրանի իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի «Պասիճ» կազմաւորման ուժերու մասնակցութեամբ զօրավարժութեան նպատակն է գնահատել եւ կատարելագործել հնարաւոր սպառնալիքներուն դիմակայելու մարտավարական նախապատրաստութիւններ, բարձրացնել «Պասիճ»-ի պաշտպանունակութիւնը:

Այս զօրավարժութեան ընթացքին պիտի իրականացուին տարբեր գործողութիւններ՝ զգայուն կեդրոններու պաշտպանութիւն, թշնամիի ներթափանցման դէմ պայքար եւ մարտավարական վարժանքներ՝ ներքին եւ արտաքին անվտանգութեան պահպանման համար։ 

Զօրավարժութիւնը կոչուած է ցոյց տալու «Պասիճ»-ի եւ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի ուժն ու պատրաստակամութիւնը պաշտպանելու Իրանի բնակչութեան տարբեր իրավիճակներու մէջ եւ սպառնալիքներուն դիմակայելու հարցով: