image

Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. այցելեց Ղըպտիներու Սուրբ Մարկոս եկեղեցի

  Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. այցելեց Ղըպտիներու Սուրբ Մարկոս եկեղեցի

 Օրերս  Կիպրոսի Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական Փոխանորդ ՝Գերշ. Տ. Կոմիտաս արք. Օհանեան այցելութիւն տուած է Ղըպտիներու Սուրբ Մարկոս  Եկեղեցի։

Այցելութեան մասին «Արեւելք» իմացաւ  Թեմի Դիմատետրեան էջէն։

 Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝

Կիրակի 3 Նոյեմբերին Թեմիս Կաթողիկոսական Փոխանորդ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արքեպիսկոպոս, ընկերակցութեամբ տոքթ. Անդրանիկ Սրկ. Աշճեանի, քաղաքավարական ու ծանօթացման այցելութիւն մը տուաւ Ղպտի Ուղղափառ Ս. Մարկոս եկեղեցին, ուր զինք դիմաւորեցին Ղպտիներու Պատրիարքական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Իրինէոս Վրդ. Էլ Պարամուսի ու Նիկոսիոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Երեմիա Աբղ. Անպա Մինաս:

Սրբազան Հայրը նախ իր աղօթքը կատարեց եկեղեցւոյ մէջ, ապա տեղի ունեցաւ հիւրասիութիւն եկեղեցւոյ ներքնասրահին մէջ: Դաւանակից երկու քոյր եկեղեցիներու առաջնորդները երկուստէք համաձայնեցան պարբերական այցելութիւններ փոխանակել եւ կղզիի բոլոր քաղաքներուն մէջ ծաւալել գործակցութիւն:

Սրբազան Հայրը Հայր Իրինէոսին նուիրեց Արամ Ա. Կաթողիկոսի Հայ Եկեղեցին գիրքը, իսկ հիւրընկալ վարդապետը Սրբազան Հօր նուիրեց ղպտական ոճի ձեռաց խաչ մը: