Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընը հեռախօսազրոյց ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ, որու ընթացքին քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու կարեւորութիւնը, յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
«Անոնք քննարկած են Հարաւային Կովկասի մէջ արդար եւ կայուն խաղաղութեան հասնելու կարեւորութիւնը՝ փոխադարձ կապերու ընդլայնմամբ, որ օգուտ կը բերէ ամբողջ տարածաշրջանին», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Նշուած է, որ կողմերը քննարկած են նաեւ Կազայի եւ Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը։