Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթինը Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի հետ քննարկած է Իրանի թիրախներու վրայ Իսրայէլի օդային հարուածներու արդիւնքները։
Ինչպէս յայտնած է Newsru.co.il-ը, այս մասին յայտնած է Փենթակոնը։
Զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է, որ մերձաւորարեւելեան տարածաշրջանին մէջ ամերիկեան զինուած ուժերը կը գտնուին բարձր պատրաստուածութեան վիճակի մէջ։
Յիշեցնենք, որ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը (IDF) յայտարարած է Իրանի մէջ թիրախներու վրայ յարձակման աւարտի մասին։
Իսկ Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը յայտարարած են, որ յարձակումը յաջողութեամբ կասեցուած է: