image

Փութին չկրցաւ 9 Մայիսի շքերթին կարեւոր ձեռքբերումներու մասին յայտարարել. Բրիտանիոյ ՊՆ

Փութին չկրցաւ  9  Մայիսի  շքերթին  կարեւոր ձեռքբերումներու մասին յայտարարել. Բրիտանիոյ  ՊՆ

Ռուսաստանի կողմէ Ուքրանիոյ դիմադրութեան թերագնահատումը եւ  «լաւագոյն սցենարով» ծրագրաւորումը յանգեցուցին ակնյայտ գործառնական սխալներու: Այդ խամգարեց Փութինը 9 Մայիսի Յաղթանակի օրուայ շքերթին յայտարարել Ուքրանիոյ մէջ զգալի ռազմական յաջողութիւններու մասին: Այս մասին յայտնած է Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր թուիթըրեան էջով:

«Շատ հաւանական է, որ Ռուսաստանի ներխուժման ծրագիրը հիմնուած եղած է այն սխալ ենթադրութեան վրայ, որ պիտի հանդիպի սահմանափակ դիմադրութեան եւ պիտի կարենայ արագօրէն շրջապատել եւ շրջանցել բնակեցուած տարածքները», կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Այս ենթադրութիւնը դրդած է ռուսական ուժերը փորձելու իրականացնել գործողութեան սկզբնական փուլը հեշտ եւ ճշգրիտ մօտեցմամբ` նախատեսուած նուազագոյն գնով արագ յաղթանակի հասնելու համար:

«Այս սխալ հաշուարկը յանգեցուց ահռելի կորուստներու եւ հետագային Ռուսաստանի ուշադրութեան թուլացման», նշած են Բրիտանիոյ Պաշտպանութեան նախարարութենէն: