image

«Փոքրամարմին, բայց հուժկու...».Սօսի Պետիկեանի յիշատակին

 «Փոքրամարմին, բայց հուժկու...».Սօսի Պետիկեանի յիշատակին

Արմատներով Լիբանանէն, եւ Կիպրահայ համայնքի  ծանօթ անուններէն Տիկ. Երան Գույումճեան պանծացնելու համար իր ուսուցիչներէն ՝ Սօսի եւ Վարուժան Պէտիկեաններու յիշատակը  գեղեցիկ տողերով  փորձած է վերյիշել իր  վաղ պատանեկութեան տարիները,  ու վերապրիլ այն պահերն ու զգացողութիւնները, որոնք իրեն փոխանցուած են մասնաւորապէս Տիկին Սօսի Պետիկեանի շունչին ներքոյ։ 

 Ստորեւ  գրութիւնը։

 

Եթէ կարենամ առանձնացնել կրթական մշակ մը որ էապէս ու անջնջելիօրէն ներազդած է իմ հոգեմտաւոր աշխարհիս կազմաւորման մէջ, առանց անտեսելու կամ թերագնահատելու միւսները, անիկա վստահաբար պիտի ըլլայ Տիկ. Սօսի Պետիկեանը, փոքրամարմին բայց իր անհատականութեամբ հուժկու եւ ամուր, արտաքինով պարզ, բայց ներաշխարհով հարուստ այն դաստիարակ ուսուցչուհին, որ յարգանք եւ զգաստութիւն կը պարտադրէր իր ներկայութեամբ, նոյնիսկ իր լռութեամբ, երբ հայեացքը կը սեւեռէր աչքերուդ, նիստուկացիդ, կեցուածքիդ...եւ երբեմն մի քանի բառով քեզ սթափութեան եւ գիտակցութեան կը հրաւիրէր:

ՀԲԸՄ Դարուհի Յակոբեան Երկր. Վարժարանին մէջ, ան երկու բարձրագոյն դասարաններուն գիտութիւն եւ ուսողութիւն կը դասաւանդէր, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն վկայուած ըլլալով Տարրաբանութեան վկայականով: Յայտնապէս շուք ունեցող անհատականութիւն էր, կարող մանկավարժ: Ես անհամբերութեամբ կը սպասէի այն օրը, երբ պիտի դառնայի իր աշակերտուհին, քանզի իր անձնաւորութենէն ծորող մոգական բան մը կար, որ զիս կը գրաւէր...

 

Երբ նոր  ընդունուած  էի Դարուհի Յակոբեան վարժարանը, բոլոր աշակերտները յատուկ պատկառանքով կը խօսէին իր մասին որպէս «վերի դասարաններուն Տիկինը», խստապահանջ եւ դժուարահաճ: Տեսակ մը երկիւղածախառն զգացումներ կը տածէին իրեն հանդէպ:

Կը պատմէին որ ան մէկ գիշերուան մէջ կորսնցուցեր էր իր ծնողքը՝ հայր ու մայր, որոնք բնակութիւն հաստատեր էին Կիպրոսի Մակարայ վանքին մէջ, ուր կը խնամէին վանքն ու անոր շրջակայ լայն հողատարածքը: Կը պատմէին որ օր մը Տիկ. Պետիկեանը սեւեր հագած եկաւ դպրոց, 60-ական թուականներու սկիզբը, երբ թուրքեր ներխուժեր էին Մակարայ վանք եւ սպաններ էին իր հայրն ու մայրը: Թուրքին եղեռնագործութիւնը թակեր էր Տիկ. Պետիկեանի հարազատ օճախի դուռը...Սարսափելի էր: Կը պատմէին նաեւ որ իր մեծ հայրը բնիկ Զէյթունցի էր, իսկ մեծ մայրը՝ Մուսալեռցի: Ահա թէ ո՞ւրկէ կու գար իր ոգիի երկաթեայ տոկունութիւնը, իր ապառաժեայ կամքը...

 

Դասերէն դուրս, ան բնականաբար կը մասնակցէր վարժարանի արտադասարանային բովանդակալից կեանքին ալ, շատ անգամ իր բանախօսութիւններով կամ բարոյախօսութեամբ տպաւորելով մեր պարման հոգիները: Իր խօսքը միշտ յստակ էր, կուռ տրամաբանութեամբ կառուցուած, երբեմն գեղեցիկ պատկերներով յագեցած, միշտ ազգային շունչով եւ հայրենասիրական ոգիով վարարուն: Իր առոգանութիւնը յստակ ու վճիտ էր, բարեհունչ, բառերը հատի՛կ-հատի՛կ կ'ելլէին իր բերնէն եւ կարծես կը դրոշմուէին մեր միտքերու պաստառներուն վրայ, մտածել տալով, խորանալ թելադրող...

 

Տիկ. Պետիկեան չէր սիրեր պճնազարդուիլ զարդեղէններով, նախընտրելով պարզ հագուկապը, մաքուր եւ կոկիկ: Կը յիշեմ որ միայն բացառիկ պարագաներուն էր որ արտասովոր երեւոյթով կը ներկայանար մեզի, ինչ որ յաւելեալ փայլ մը կու տար իր արտաքին տեսքին: Օրինակ, ամավերջի հանդիսութիւններուն, ան կը ներկայանար յատուկ բարեզարդ տեսքով, մեզ զարմացնելով եւ հիացմունք պատճառելով...

 

15-ամեայ պարմանուհի էի երբ վերջապէս ան դարձաւ մեր դասարանի գիտութեան եւ ուսողութեան ուսուցչուհին: Առաջին իսկ դասէն, ես նկատեցի որ ան բացառիկ կարողութիւնը ունէր ամէնէն բարդ կարծուած խնդիրները վերածելու իրենց պարզագոյն տարազումին եւ դասը մատուցել այնպիսի ձեւով որ ան դառնար դիւրամատչելի եւ ընկալելի նոյնիսկ միջակ կարողութեամբ օժտուած աշակերտին: Անհամբեր կը սպասէի իր դասապահերուն եւ վստահաբար իրեն կը պարտիմ իմ սէրն ու հետաքրքրութիւնը գիտութեանց հանդէպ առ հասարակ:

 

Դպրոցական տարիներէս ետք, ան դարձեալ յայտնուեցաւ կեանքիս մէջ, երբ Լիբանանի քաղաքացիական թէժ կռիւներուն հետեւանքով, աւելի ստոյգ՝ 1977-ին, ան հրաւիրուեցաւ Կիպրոս որպէս տնօրէնուհին Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան, որ եղած էր իր Մայր վարժարանը, իր «ալմա մաթեր»ը, ուրկէ ստացած էր Մելգոնեանցիութեան հարազատ որակը՝ հայկականութիւն, հայրենասիրութիւն եւ գաղափարապաշտութիւն... Պրն. Ասատուր Պետեանի պաշտօնաւարտութենէն ետք:

 

Կը յիշեմ որ ի՛նչ մեծ ձեռնհասութեամբ կառավարեց ան Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը՝ գիշերօթիկ իր բարդ կեանքով եւ քսան տարբեր երկիրներէ եկած բազմաբնոյթ աշակերտութեամբ...գիշեր ու ցերեկ, անյոգնում եւ անդադրում: Քանի անգամ տեսեր եմ զինք ձմրան ցուրտ ու մութ երեկոներուն, գլուխը ծածկած, ման կու գար Հաստատութեան շէնքերուն մէջ, պահապան հրեշտակի մը պէս հսկելու շուրջբոլորը, անձամբ տեսնելու որ ամէն բան կարգին էր...

 

Ինծի համար, Կիպրական կեանքիս մէջ, նոր ժամանակաշրջան մը սկսաւ իր գալուստով: Իր քաջալերանքով ու խնդրանքով, աշխոյժ եւ գործօն մասնակիցը դարձայ ՀԲԸՄ Նիկոսիոյ Մասնաճիւղի կեանքին, յատկապէս անոր գրական-մշակութային կեանքին: Ակումբը եւ տնօրէնութեան վիլլան դարձան հանդիպման վայրը հայրենի թէ սփիւռքահայ մտաւորականներու, արուեստագէտներու կամ յայտնի դէմքերու: Հոգւոյս լուսաջերմ Կիրակիները ապրեցայ այնտեղ՝ ոգեշնչող, խանդավառող, հայաբոյր եւ հայացնող մթնոլորտի մը մէջ:

 

Բնական է, երբ կը գրեմ Տիկ. Պետիկեանին մասին, չեմ կրնար չյիշել իր կողակիցը՝ բանաստեղծ, ուսուցիչ ու հասարակական գործիչ՝ Վարուժան Պետիկեանը, որ այնքան սիրուած էր իր աշակերտներէն ու գաղափարական իր ընկերներէն։ Անոր ներկայութիւնը եւ մասնակցութիւնը եւս ազգային-Միութենական կեանքին թարմ շունչ ու եռանդ բերին, նոր ոգի՝ գրական-մշակութային եւ ընկերային կեանքի անդաստանին մէջ մասնաւորաբար:

 

Ես արդէն բարեբախտութիւնը ունէի իրենց հետ շփուելու որպէս գործակից ու բարեկամ, միութենական-մշակութային գործիչ ու գաղափարակից. Եւ մեր կապերը առաւել սերտացան, հարստացան՝ բազում ու բազմազան ձեռնարկներու արդիւնաշատ կազմակերպումին ծիրէն ներս մասնաւորաբար: Այդ ձեռնարկները բազմազան էին՝ ազգային, գրականգեղարուեստական, մշակութային, ընկերային եւ այլ:

 

Հայրենիքը, հայրենասիրութիւնը, մշակոյթն ու Մեծասքանչը սրբութիւններ էին Տիկ. Սօսի Պետիկեանին համար, որոնց ոգեղէն ու լուսեղէն մթնոլորտով շնչաւորեց ու վերամկրտեց Մելգոնեանը եւ այնտեղ հասակ առնող հայ մատղաշ սերունդը... Իր խոստովանութեամբ, իր «վերջին սէր»ը եղաւ նորովի ուսումնասիրութիւնը Հայոց Պատմութեան, զոր դասաւանդեց Մելգոնեանէն ներս մինչեւ իր մահը, տնօրէնութեան իր պաշտօնին աւարտէն ետք ալ՝ ոգի եւ շունչ, այլեւ քննական ու վերլուծական մտածողութեան ճաշակը փոխանցելով իր աշակերտներուն:

 

Տիկ. Պետիկեան գիտէր բարձրացնելով բարձրանալու արուեստը, զոր շատ քիչերուն է տրուած: Ինք՝ հմուտ բանախօս, ջերմօրէն կը գովէր զիս, ամէն անգամ որ խօսք առնէի ակումբին մէջ, թէ Մելգոնեանի ամպիոնէն տարբեր առիթներով: «Երանի՛ այն ուսուցիչին», կ'ըսէր ան, «որուն աշակերտը կը գերազանցէ իր ուսուցիչը»...:

 

Բարձրացնելով բարձրանալ եւ բարձրանալով բարձրացնել...Եւ քանի՛քանի՛ սերունդներ պատրաստեց ան այս նշանաբանին գործադրութեամբը իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ:

 

Մեր զրոյցները յաճախ կը կեդրոնանային Մակարայ վանքին շուրջ, ուր հասակ առեր էր ան, մշտադալար եղեւիններու հովանիին տակ եւ հնամեայ վանքին պատմաբոյր շրջապատին մէջ: Կը պատմէր որ ամէն առաւօտ, ան սովորութիւնը ունէր կանուխ արթննալու, երթալու վանքապատկան անտառներուն մէջ եւ այնտեղ՝ ժայռի մը վրայ, «Առաւօտ լուսոյ» երգելու...Եւ ո՛վ զարմանք, այդ երգին ամէնօրեայ հաւատարիմ ունկնդիրը կ'ըլլար սեւ օձ մը, որ լուռ ու յուշիկ մտիկ կ'ընէր այդ երգին եւ յետոյ կը հեռանար...

 

Կը պատմէր իր մեծ քրոջ՝ Շաքէ Վարսեանի մասին, որ 1946-ին, թողելով Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանը եւ հանգիստ կեանքը, ներգաղթած էր Խորհրդային Հայաստան, անսակարկ ու անշահախնդիր հայրենասիրութեան ալիքներու վրայ եւ դարձած էր սիրուած գրագիտուհի, հայրենիք-Սփիւռք ոգեղէն կամուրջ ու կամար...

 

Նման զրոյցներն ու պատմութիւնները այնքան շատ էին իր մօտ, որ ժամեր կարելի էր զինք լսել եւ հոգեւին հարստացած հեռանալ իրմէ...

Իր մահը մեծ կորուստ էր Կիպրոսի ազգային-միութենական-մշակութային կեանքին, Բարեգործականին, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան եւ անձնապէս ինծի, որ իր մէջ գտեր էի մայր մը, ընկերուհի մը, սկզբունքային գաղափարակից մը, գործակից մը եւ աւելին...

 

Ֆիզիքապէս միայն ան մեկնեցաւ այս աշխարհէն, բայց ան միշտ հոգեւին ներկայ է իմ ամէնօրեայ կեանքէս ներս...Եւ ամէն անգամ որ գորշ ամպեր կուտակուին հոգւոյս երկնակամարին վրայ, ես կը դիմեմ իրեն, իմ մտատիպարին, իր յորդորներուն, որոնք կը դառնան ուղեցոյց եւ ուղենիշ կեանքիս բարդ ոլորաններուն եւ խորխորատներուն...

Յաւերժական լո՛յս եւ օրհնութի՛ւն իր յիշատակին:

 Երան Գույումճեան 

01.09.2022

 

Յ.Գ. Այժմ, ուրախութեամբ կարելի է նշել որ Սօսի եւ Վարուժան Պետիկեաններուն որդին՝ Գերմանաբնակ տոքթ. Ռաֆֆի Պետիկեան, ծնողներուն յիշատակը յաւերժացնելու համար հաստատած է «Սօսի եւ Վարուժան կրթաթոշակ»ը, որ պիտի տրամադրուի այն ուսանողներուն, որոնք պիտի հետեւին Լոնտոնի Հայագիտական դասընթացներուն եւ արեւմտահայերէնի ուսուցման կեդրոնին: