Քառասուն օրեր առաջ սրտի կսկիծով առյաւէտ հրաժեշտ տուինք մեր հաւատաւոր եւ գաղափարապաշտ ընկերոջ` Անդօ Մայիսեանին:
Ազգասէր եւ նահապետական ընտանիքի մը յարկին տակ 1948 թուականին Հայաշէնի մէջ ծնած Անդօ Մայիսեան իր դաստիարակութիւնը ստացած է ծնողքէն, որոնք անոր մէջ միշտ վառ պահած են ազգային ոգին եւ հայրենասիրութիւնը: Նախնական ուսումը ստացած է Հայաշէնի Ազգային Թորգոմեան վարժարանին մէջ` ըլլալով բարի, աշխատասէր եւ հնազանդ աշակերտ մը:
Ապա նետուած է կեանքի պայքարին մէջ:
Պատանի տարիքին անդամագրուած է ՀՅԴ «Մուրատ» պատանեկան միութեան` ստանալով դաշնակցականի բիւրեղ դաստիարակութիւն, ապա ստանձնած է վարիչի պաշտօնը` միեւնոյն միութեան մէջ: Հանդիսանալով օրինակելի դաստիարակ պատանիներուն, անոնց հոգիներուն մէջ սերմանած է ազգասիրութիւն, դաշնակցականի գաղափարաբանութիւն եւ խիզախ ոգի:
1973-ին միացած է Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան շարքերուն` մաս կազմելով «Ռոստոմ» կոմիտէութեան: Եղած է նուիրեալ, գաղտնապահ եւ խիզախ ընկեր:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ծանր օրերուն ստանձնած է Հայաշէնի պաշտպանութեան պարտականութիւնը իր ընկերներուն հետ: Այդպիսով տարիներ շարունակ նուիրուած է Հայաշէնի ժողովուրդին ծառայութեան եւ անոր ապահովութեան երաշխաւորման պատասխանատու գործին:
Ընտրելով իր կեանքի ընկերը, ամուսնացած է ու կազմած հայ ընտանիք մը` դառնալով օրինակելի հայր իր զաւակներուն եւ մօտէն հսկելով անոնց դաստիարակութեան ու կրթութեան:
Երկար տարիներ ստանձնած է «Ռոստոմ» կոմիտէի հերթապահի պաշտօնը եւ իր արդար ու հայրական դատողութեամբ յաջողած է առողջ պահել ակումբի կեանքը` միշտ հետամուտ ըլլալով Հայաշէնի հայկական դիմագիծի պահպանման` գործող միութիւններով եւ եկեղեցիով:
Օրինակելի եւ նուիրեալ Անդօ Մայիսեան արդէն առյաւէտ բաժնուեցաւ մեզմէ` աւանդելով փայլուն անցեալ ու անմոռանալի յիշատակներ, սակայն իր կորուստով «Ռոստոմ» կոմիտէութիւնը կորսնցուց իր սիւներէն մէկը:
Մենք` իբրեւ իր ընկերները, կ՛ուխտենք շարունակել իր պայքարը, ուղին, ծառայութիւնն ու նուիրումը` ազգին ու հայրենիքին նկատմամբ, միշտ հաւատարմութեամբ եւ հաստատ կամքով:
Աստուած լուսաւորէ անոր հոգին եւ երկինքի արքայութեան արժանացնէ զայն:
Անոր յիշատակը անթառամ եւ մշտավառ պիտի մնայ իր ընկերներուն, բարեկամներուն եւ հարազատներուն սրտերուն մէջ:
«Ռոստոմ» Կոմիտէութիւն