image

Փեթերսպուրկի մէջ. Հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով աշխատանքային խումբի ղեկավարներու հանդիպում

Փեթերսպուրկի մէջ. Հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով աշխատանքային խումբի ղեկավարներու հանդիպում

Ռուսիոյ Դաշնութեան մէջ` Փեթերսպուրկեան միջազգային տնտեսական 25-րդ համաժողովի շրջանակին մէջ կայացած է տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցերով եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահներուն հանդիպումը:

Նշենք, որ ճանապարհային ապաշրջափակման հարցերով աշխատանքային խումբի ղեկավարներու` Ալեքսէյ Օվերչուքի, Մհեր Գրիգորեանի եւ Շահին Մուսթաֆաեւի համանախագահութեամբ եռակողմ հանդիպման մասին կը նշուէր նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հանդիպման մասին Ռուսիոյ կառավարութեան մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: