image

Փեքինի մէջ կայացաւ Չինաստանի պատմութեան ամենամեծ ռազմական շքերթը

Փեքինի մէջ կայացաւ Չինաստանի պատմութեան ամենամեծ ռազմական շքերթը

Չինաստանը Փեքինի կեդրոնին մէջ կազմակերպած է այդ երկրի պատմութեան ամենամեծ ռազմական շքերթը՝ նուիրուած Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի աւարտի եւ Ճափոնի հանդէպ յաղթանակի 80-ամեակին։ Շքերթին մասնակցող 26 պետութիւններու ղեկավարներու շարքին էր նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։ BBC-ն հաղորդած է, որ Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփինի գլխաւոր հիւրերը Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինն ու Հիւսիսային Քորէայի առաջնորդ Քիմ Չեն Ընն էր։

Զինուորական շքերթի ընթացքին Չինաստանը ներկայացուցած է նոր զինատեսակներ, այդ շարքին՝ լազերային զէնքեր, միջուկային պալիստիք հրթիռներ, ստորջրեայ մեծ անօդաչուներ, կը հաղորդէ BBC-ն։

Շքերթէն առաջ Սի Ծինփին ուղերձ յղած է՝ շեշտելով 80 տարի առաջ տարած յաղթանակին կարեւորութիւնը։ Ան կոչ ուղղած է երկիրներուն՝ «վերացնելու պատերազմի արմատական պատճառները եւ կանխելու պատմական ողբերգութիւններու կրկնութիւնը»։

Ճափոնը պաշտօնապէս հողատւուոթիւն յայտարարած էր 1945-ի սեպտեմբեր 2-ին, իսկ Չինաստանը սեպտեմբեր 3-ը հռչակած է Յաղթանակի օր։