Փենթակոնը հաղորդած է, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթինը հրահանգած է՝ արագցնել օդանաւակիրներու մատակարարումը Մերձաւոր Արեւելք, քանի որ աճող լարուածութիւնը տարածաշրջանային պատերազմի մտահոգութիւններ կ՚առաջացնէ։
Այսպիսով Միացեալ Նահանգներ առանցքային դաշնակից Իսրայէլին իր աջակցութիւնը կը յայտնէ, այն բանէ ետք, երբ Իրանը եւ Ուաշինկթընի կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն ճանչցուած «Հըզպալլա» խմբաւորումը խոստացան վրէժ լուծել անցեալ ամիս «Համաս»-ի քաղաքական ղեկավար Իսմայիլ Հանիյէի սպանութեան համար։