image

Փաշինեանի դէմ բողոքի ցոյց Կլէէնտէլի մէջ

  Փաշինեանի դէմ բողոքի  ցոյց  Կլէէնտէլի մէջ

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը բողոքի ցոյց կազմակերպած է Կլէնտէլի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան առջեւ ընդդէմ Նիկոլ Փաշինեանի ռեժիմին, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի բռնապետութիւններուն:

«Մենք չենք կրնար եւ չենք աջակցիր ցանկացած կառավարութեան, որ կը յանձնէ մեր նախնեաց հայրենիքը, առաջնահերթութիւն չի համարեր գերութեան մէջ գտնուող մեր զինուորներու վերադարձը, բնականոն կը դարձնէ յարաբերութիւնները ցեղասպան հարեւաններուն հետ եւ կը ջնջէ Արցախը քարտէզի վրայէն: Մենք չենք ընդունիր սա՝ որպէս մեր հայրենիքի ճակատագիր: Մենք կ'ընդդիմանանք մեր հողերուն մէջ թրքական եւ ատրպէյճանական գերակայութեան: Մենք կ'ընդդիմանանք հայ ժողովրդի բռնապետական ճնշման պետութեան կողմէ, որ կը ցանկայ  ջնջել մեզ երկրի երեսէն: Մենք կը շարունակենք ընդդիմանալ մինչեւ, որ խաղաղութեան եւ ներդաշնակութեան արժէքները չմտնեն մեր սահմաններ: Սա դիմադրութիւն է», - ըսուած է Հայ երիտասարդաց դաշնակցութեան տարածած յայտարարութեան մէջ:

Յիշեցնենք, որ Սփիւռքի ՀՅԴ կառոյցները տարբեր երկիրներու մէջ սկսած են զանգուածային բողոքի ցոյցեր Հայաստանի, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դիւանագիտական առաքելութիւններու շէնքերուն առջեւ՝ ընդդէմ Արցախի բռնագրաւան, Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան խախտման եւ զիջումային քաղաքականութեան՝ ի շահ թշնամիին:

Լուրը՝ Yerevan.today կայքէն