Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ընդունած է Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խումբի ԱՄՆ համանախագահ, Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերով աւագ խորհրդական Ֆիլիփ Ռիքըրը:
Ինչպէս «Արմէնփրէս»-ին յայտնած են վարչապետի աշխատակազմէն, Նիկոլ Փաշինեան ողջունած է անոր այցը տարածաշրջան եւ բարձր գնահատած ԱՄՆ դերը՝ որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահ պետութիւն:
Զրուցակիցները քննարկած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին, այդ թուին՝ Ստեփանակերտի եւ Պաքուի միջեւ քննարկումներու միջազգային մեքանիզմի ձեւաւորման վերաբերող հարցեր:
Մտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանային կայունութեան ու անվտանգութեան առնչուող այլ թեմաներու շուրջ:
Զրուցակիցներն անդրադարձած են նաեւ հայ-ամերիկեան ռազմավարական երկխօսութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան վերաբերող հարցերուն: Կարեւորուած է ԱՄՆ շարունակական աջակցութիւնը՝ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական բարեփոխումներու արդիւնաւէտ իրականացման գործով: