image

Փաշինեան-Մաքրոն հանդիպում պիտի ըլլայ

Փաշինեան-Մաքրոն  հանդիպում պիտի ըլլայ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն 19 նոյեմբերին Ճերպայի (Թունիս) մէջ կայանալիք Ֆրանքոֆոնիայի 18-րդ գագաթնաժողովի ծիրէն ներս պիտի հանդիպի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:

Այս մասին ըսուած է Էլիզեան պալատի հաղորդագրութեան մէջ:

Նշուած է, որ Մաքրոն այս մասին ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռախօսազրոյցի ընթացքին:

Ըստ հաղորդագրութեան՝ հեռախօսազրոյցի ընթացքին Մաքրոն ու Ալիեւ քննարկած են նաեւ Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ֆրանսայի ղեկավարներու եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի մասնակցութեամբ Փրակի քառակողմ գագաթնաժողովի ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները:

Էմանուէլ Մաքրոն բարձր գնահատած է Հայաստանի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան կայունացնող դերը, որու տեղակայման մասին որոշումը ընդունուած էր Փրակի գագաթնաժողովի արդիւնքներով:

Մաքրոն վերահաստատած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման նպաստելու եւ քաղաքական լուծման հասնելու Ֆրանսայի պատրաստակամութիւնը, որ թոյլ կու տայ խաղաղութիւն հաստատելու տարածաշրջանին մէջ: