Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն այսօր՝ ապրիլ 17-ին, այցելած է Ոսկեպար, ուր հանդիպում ունեցած է բնակիչներու հետ։
Վարչապետի մամուլի քարտուղար Նազելի Բաղդասարեանը կը տեղեկացնէ, որ Ոսկեպարի մէջ Փաշինեանը տեղի բնակիչներուն ներկայացուցած է Ատրպէյճանի հետ սահմանազատման գործընթացին առկայ իրավիճակը։
«Յաջորդիւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը պատասխանել է ոսկեպարցիների հարցերին»,- յայտնած է Բաղդասարեանը։
Նշենք, որ Փաշինեանի հետ Տաւուշի մարզ մեկնած են նաեւ ՀՀ ներքին գործոց նախարար Վահէ Ղազարեանը, փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեանը, տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանը։
Ոսկեպարի մէջ Փաշինեանի հետ հանդիպման սահմանափակուած է մասնակիցներու մուտքը դահլիճ։ Քաղաքագէտ Սուրէն Պետրոսեանին, որ արդէն 1 ամիս է` Ոսկեպարի մէջ կը բնակի, թոյլ չեն տուած մուտք գործել հանդիպման սրահ։ Փաշինեանի թիկնապահները արգիլած են անոր մասնակցիլ հանդիպման՝ պատճառաբանելով, թէ այն կը վերաբերի բացառապէս ոսկեպարցիներուն եւ վարչապետին։
Գիւղացիները, ինչպէս նաեւ Տաւուշի թեմը Փաշինեանի այցի մասին տեղեակ չեն եղած։