Մայիս 9-ին՝ Յաղթանակի եւ խաղաղութեան տօնին առիթով, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու ընկերակցութեամբ, այցելած է «Յաղթանակ» զբօսայգի։
Անյայտ զինուորի յուշակոթողին մօտ ծաղկեպսակի զետեղումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը աղօթք բարձրացուցած է առ Աստուած՝ Հայրենական մեծ պատերազմին եւ Արցախի հերոսամարտերուն զոհուած ու հայրենիքի համար իրենց կեանքը ընծայաբերած քաջ հայորդիներու հոգիներու հանգստութեան եւ խաղաղութեան համար։