Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի առաջնորդներ՝ Իլհամ Ալիեւի եւ Նիկոլ Փաշինեանի հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ նոյեմբերին Պրիւքսէլի մէջ։ Այս մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար՝ Ճէյհուն Պայրամով։
Անոր խօսքով՝ 31 օգոստոսին Պրիւքսէլի մէջ կայացած հանդիպման նշուած է, որ յաջորդ հանդիպումը կը կայանայ նոյեմբերին։
Պայրամովը նշած է, որ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ ԱՄՆ-ի դիւանագիտութեան ղեկավարներու եռակողմ հանդիպման օրակարգին վրայ կ'ըլլան տարբեր թեմաներ, անոնց կարգին՝ խաղաղութեան պայմանագիրը, հաղորդած է «Սփութնիք Ատրպէյճան»ը։