Հոկտեմբեր 24-ին Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւը հանդիպած են Ռուսիոյ Դաշնութեան Քազան քաղաքին մէջ՝ BRICS-ի 16-րդ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս, յայտնած է վարչապետի մամուլի քարտուղար Նազելի Բաղդասարեանը։
Կողմերը քննարկած են երկկողմ խաղաղութեան օրակարգի առաջմղման վերաբերող հարցեր՝ ներառեալ խաղաղութեան պայմանագիրը, սահմաններու սահմանազատումը, սահմանագծումը եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր։
Արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարուած է շարունակել «Խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին» համաձայնագրի շուրջ երկկողմ բանակցութիւնները՝ հնարաւորինս սեղմ ժամկէտի մէջ այն վերջնականացնելու եւ կնքելու նպատակով։
Նոյնաբովանդակ հաղորդագրութիւն տարածած է նաեւ Ատրպէյճանի նախագահի պաշտօնական կայքը։
Լրատուամիջոցները հաղորդած են, որ հանդիպումը տեւած է մէկուկէս ժամ։
Նոյն օրը, աւելի վաղ՝ Փաշինեանն ու Ալիեւը քանի մը բառ փոխանակած էին BRICS-ի լիագումար նիստի ընթացքին։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները սեղանի շուրջ նստած են այբբենական կարգով։