31 Օգոստոսին, Պրիւքսէլի մէջ, Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլի միջնորդութեամբ` տեղի ունեցած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը, որ տեւած է շուրջ չորս ժամ։
Հայաստանի վարչապետի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են, որ եռակողմ հանդիպումին քննարկուած են գերինեը ազատ արձակելուն եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրը յստակացնելուն, սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան, տարածաշրջանային ապաշրջափակման, Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները կարգաւորելուն եւ Արցախի հիմնահարցին վերաբերող հարցեր:
Համաձայնութիւն գոյացած է արտաքին գործոց նախարարներու մակարդակով շարունակելու առարկայական բանակցութիւնները խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծի մշակման շուրջ։
Արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ յաջորդ ամսուան ընթացքին։
Ղեկավարներու ձեւաչափով յաջորդ հանդիպումը նախատեսուած է Նոյեմբերին։
Հանդիպումէն ետք, Միշէլ յայտարարած է, որ կողմերը համաձայնած են առարկայական աշխատանքի սկսիլ` յառաջխաղացքը ապահովելու խաղաղութեան պայմանագիրին շուրջ, որ պիտի կարգաւորէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջպետական յարաբերութիւնները:
Արտաքին գործոց նախարարներուն յանձնարարուեցած է մէկ ամսուան ընթացքին հանդիպում ունենալ եւ աշխատիլ նախագիծի բնագիրի պատրաստութեան ուղղութեամբ։
Միշէլ նշած է, որ հանդիպումին ընթացքին «մանրամասն քննարկում ունեցանք մարդասիրական հարցերու, որոնց կարգին ականազերծման, ձերբակալուածներու եւ անհետ կորսուածներու ճակատագիրին շուրջ»:
Միշէլ ատրպէյճանական կողմին շեշտած է հայ գերիներու ազատ արձակման կարեւորութիւնը:
Նաեւ քննարկուած են սահմանագծման վերաբերող հարցերը, եւ թէ ինչպէ՛ս կարելի է լաւագոյնս կայուն իրավիճակ ապահովել:
Սահմանային յանձնաժողովներու յաջորդ հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Պրիւքսէլի մէջ, Նոյեմբերին:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահին յայտարարութեան մէջ որեւէ անդրադարձ չկայ Արցախի հիմնահարցին, թէեւ, ինչպէս հաղորդած էր Հայաստանի վարչապետի աշխատակազմը, այդ մասին քննարկում եղած է:
Յայտնենք, որ այս հանդիպումը 44օրեայ պատերազմէն ետք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներուն արդէն հինգերորդ դէմ առ դէմ հանդիպումն է. անոնցմէ չորսը տեղի ունեցած են Միշէլի նախաձեռնութեամբ: Մինչ այդ երկու երկիրներուն միջեւ բանակցութիւնները հիմնականին մէջ կ՛ընթանային Ռուսիոյ միջնորդութեամբ, իսկ 44օրեայ պատերազմէն առաջ` ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի հովանիին տակ։