Դեկտեմբեր 21-ին Փարիզի մէջ տեղի ունեցած են հայ-ֆրանսական երկկողմ ռազմաքաղաքական խորհրդակցութիւններ։
Պաշտպանութեան նախարարութենէն յայտնած են, որ հայկական պատուիրակութիւնը գլխաւորած է Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտպանական քաղաքականութեան եւ միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Լեւոն Այվազեանը։ Ֆրանսական կողմէն խորհրդակցութիւնները վարած է Ֆրանսայի զինուած ուժերու նախարարութեան Միջազգային յարաբերութիւններու եւ ռազմավարութեան տեսչութեան տնօրէն Ալիս Ռուֆոն։
«Խորհրդակցութիւնների ընթացքում հանգամանօրէն քննարկուել են միջազգային եւ տարածաշրջանային անվտանգութեանն առնչուող խնդիրներ, նաեւ համագործակցութեան օրակարգային հարցեր, ձեռք են բերուել մի շարք պայմանաւորուածութիւններ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։