Փարիզի 9-րդ թաղապետուհի Տելֆին Պրիւքլի թուիթըրեան իր էջով կը տեղեկացնէ, թէ Փարիզի քաղաքապետական խորհուրդի նիստին, խորհրդական Ալեքսի Կէօվճեանի հետ միասին փափաք յայտնած են, որ Փարիզ մեծարէ Արփիկ Միսաքեանի յիշատակը:
Պրիւքլի իր գրառման մէջ ըսած է հետեւեալը.
«Ալեքսի Կէօվճեանի հետ փափաք յայտնեցինք, որ Փարիզ մեծարէ մեծ լրագրողուհի, բացառիկ կին Արփիկ Միսաքեանը: Ան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին պայքարեցաւ հրատարակելու համար Ֆրանսայի եւ [Արեւմտեան] Եւրոպայի հայերէն միակ օրաթերթը»:
Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն: