Շաբաթ երեկոյեան լարուած իրավիճակ մը ստեղծուած է Պուրճ Համուտի հայահոծ շրջանի Նոր Մարաշ թաղամասին մէջ։ Վիճաբանութեամբ սկիզբ առած միջադէպ արագօրէն վերածուած է կրակոցի, որ հետեւանքով ալ զոհուած են երկու անձեր եւ գրանցուած է մէկ վիրաւոր։Դէպքը աւարտած էր ապահովական մարմիններու արագ միջամտութեամբ, որմէ ետք ալ Լիբանանի ՀՅԴ մարմինը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով դատապարտած էր որոշ բնակիչներու կասկածելի վարքը։
Յիշեցնենք նաեւ, որ երկու դէպքերը բացարձակապէս կապ չունին իրար հետ եւ գաղութի հայկական մարմինները կարեւոր ճիգեր կ՚իրագործեն շրջանը վերադարձնելու իր նախկին անդորրութեան։
«Արեւելք»ի տիրապետած տեղեկութիւններով երկու զոհերը տեղացի արաբներ են, իսկ վիրաւորեալը շրջանի բնակիչ հայորդի մըն է։
Մեծ լարումէն ետք դէպքի վայր հասած ապահովական մարմիններ հարկն ու պատշաճը ընելով փարատած են ստեղծուած դրութիւնը։
Զոհերն ու վիրաւորը փոխադրուած են հիւանդանոց եւ ներկայիս զգուշաւոր վիճակ մը կը տիրէ ի բնէ հայկական երակ ունեցող թաղամասին մէջ։
Նշենք, որ դէպքը կը կրէ զուտ անհատական բնոյթ, որուն պատճառները ցարդ յստակ չեն։
Ի դէպ ուրբաթ երեկոյ եւս նման լարում գրանցուած էր այս անգամ Թրատ թաղամասին մէջ, ուր վիճաբանութիւնը պատճառ դարձած էր , որ թաղամասի արաբ եւ խնդրայարոյց բնակիչներ յարձակին ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումին ուղղութեամբ։
Դէպքը աւարտած էր ապահովական մարմիններու արագ միջամտութեամբ, որմէ ետք ալ Լիբանանի ՀՅԴ մարմինը յատուկ հաղորդագրութեամբ մը հանդէս գալով դատապարտած էր որոշ բնակիչներու կասկածելի վարքը։
Յիշեցնենք նաեւ, որ երկու դէպքերը բացարձակապէս կապ չունին իրար հետ եւ գաղութի հայկական մարմինները կարեւոր ճիգեր կ՚իրագործեն շրջանը վերադարձնելու իր նախկին անդորրութեան։
🔴 لليوم التالي يستمر مسلسل تهجم "زعران" حزب الله على اهالي برج حمود والاعتداء على كنيسة السيدة للأرمن الأرثوذكس وإطلاق شعرات مثيرة للنعرات.
— طوني بولس (@TonyBouloss) July 13, 2024
🔴 ما تبقى من "دولة" لا تتدخل لردع هذا الحزب عن إجرامه، فهي تطبق القانون للانتقام من خصوم الحزب وحمايته، وبالتالي سنرى توقيفات من الشباب… https://t.co/oZjolxmOVT pic.twitter.com/PLbdbueGuz