image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ. Տօքթ. Ռաֆֆի Պարտաքճեանի մահը

Պէյրութի մէջ. Տօքթ. Ռաֆֆի Պարտաքճեանի մահը

 

Տխուր լուր ստացանք Պէյրութէն։ 

 Օրերս իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանահայ համայնքային շրջանակներուն մէջ յարգուած անդամ հանդիսացող, ատամնաբոյժ՝ Տօքթ. Ռաֆֆի Պարտաքճեանը։ 

 

Պարտաքճեան կը պատկանի այն սերունդին, որոնք իրենց ուսումը ստացան մայր Հայաստանի մէջ եւ վկայուելէ ետք վերադարձան իրենց ծննդավայր գաղութները ու նուիրուեցան իրենց ասպարէզին։

 

 Սոսկ ասպարէզ չէր Տօքթ. Ռաֆֆի որպէս ատամնաբոյժ գործունէութիւնը այլ աւելին։ Ու շնորհիւ իր նուիրական ոգիին ան կարողացաւ լաւագոյնս օգտակարութիւն բերել գաղութի տ ամենատարբեր շրջանակներուն եւ հատուածներուն։

Իր մասին յուզիչ վկայութիւն մը «Արեւելք»ին տուաւ հանգուցեալի վաղեմի ընկեր ՝ Տօքթ. Աւետիս Տագէսեանը։

 Տագէսեան մասնաւորապէս նշեց, որ «Տօքթ. Ռաֆֆին սիրուած էր բոլորին կողմէ, ան մեծին հետ մեծ էր ու փոքրին հետ փոքր։ Ես անձնապէս կրնամ վկայել տասնեակ դէպքերու մասին, երբ մեր հայրենակիցներէն շատ-շատերը կարողացած են առանց կոպեկ մ՚իսկ վճարելու բուժուիլ մեր սիրելի Ռաֆֆիին մօտ։ Նուիրեալ էր բառիս բուն իմաստով, Աստուած հոգին լուսաւորէ»,- եզրակացուց Տագէսեան։

 

 Նշենք, որ հանգուցեալի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը պիտի կայացուի յառաջիկայ շաբաթ օր ՝ Յունուարին Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, ուրկէ ալ հանգուցեալի մարմինը պիտի փոխադրուի եւ ամփոփուի Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատան մէջ։