image

Պէյրութի մէջ. Նախագահական թեկնածու՝ նաամաթ Աֆրամ այցելած է ՀՅԴ Կեդրոն

Պէյրութի մէջ. Նախագահական թեկնածու՝ նաամաթ Աֆրամ այցելած է ՀՅԴ Կեդրոն

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին թեկնածու, երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ այցելած է «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր հանդիպում ունեցած է ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի եւ երեսփոխան Յակոբ Թերզեանի հետ:

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Պէյրութի մեր պաշտօնակից՝ «Ազդակ»էն։

Աղբիւրը նաեգ նշած է, որ հանդիպումին ներկայ եղած են նաեւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի կազմակերպական ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան եւ Կեդրոնական կոմիտէի անդամ տոքթ. Յակոբ Մելեքեան:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած են քաղաքական ներկայ տարբեր զարգացումները, նախ եւ առաջ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան թղթածրարը:

Աֆրամ ներկայացուցած է իր աշխատանքային ծրագիրը եւ շեշտեց լիբանանցիներուն տրուած յարգի եւ հազուադէպ առիթը չկորսնցնելու, այլ զայն պետութիւնն ու անոր հաստատութիւնները վերականգնելու եւ նախ եւ առաջ հայրենիքին համար բարիք եղող կայունութեան ու բարգաւաճման նոր շրջան մուտք գործելու համար օգտագործելու կարեւորութիւնը:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուած է միջազգային որոշումները յարգելու եւ գործադրելու կարեւորութիւնը` իբրեւ Լիբանանի համար նոր սկիզբ, ինչպէս նաեւ վերաշինութեան, ելեւմտական, տնտեսական ու արդարադատական բարեկարգումի, լիբանանեան վարչակազմին վերադասաւորման եւ լիբանանցիներուն համապարփակ ընկերային պաշտպանութեան ապահովման ձեռնարկելու անհրաժեշտութիւնը: