Պէյրութէն բարի լուր ստացանք։
Օրերս ընտանեկան սեղմ շրջանակի մը մէջ տեղի ունեցած է Միսակ Տաղլեանի ընդ Սարին Աւետիսեանի նշանախօսութիւնը։
Ուշագրաւ է անշուշտ, որ Պէյրութը հարուածող այս ծանրագոյն ժամանակներուն երկու հայ երիտասարդներ որոշած են հայկական նոր օճախ մը հիմնելու առաջին քայլը կատարել։
Նշենք, որ Միսակ Տաղլեան որդին է երկար տարիներով կուսակցական (ՌԱԿ-ի անդամ) դրական գործունէութիւն ծաւալած հանգուցեալ՝ Վահան Տաղլեանին։
Հայկական կրթօճախներու մէջ իր ուսումնառութիւնը ստացած Տաղլեան նետուած է կեանքի ասպարէզ եւ որպէս վարպետ արհեստաւոր յարգուած է բոլորին կողմէ։
Ան նաեւ աշխոյժ միութեանական է եւ գլխաւոր պատասխանատուն է ՀՄՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղի գայլիկներուն եւ որպէս Աքէլլա (գլխաւոր պատասխանատու) սիրայօժար կերպով կը ծառայէ միութենէն ներս։
Այս առթիւ մեր խորին շնորհաւորութիւնները կը յղենք երիտասարդ զոյգին եւ մասնաւորապէս «Արեւելք»ի բարեկամներէն՝ Միսակ Տաղլեանի եղբօր՝ Գէորգ Տաղլեանին։
Բոլորին աչքը լոյս։