image
Հրատապ լուրեր:

Պէյրութի մէջ. Մահացած է յարգուած կրթական մշակ՝ Քնար Աբրահամեանը

  Պէյրութի  մէջ. Մահացած է յարգուած կրթական մշակ՝  Քնար Աբրահամեանը

Օրդ. Քնար, որ մեծ նուիրուածութեամբ գործած է մասնաւորապէս ուսուցչական ասպարէզին մէջ, միշտ ալ պիտի յիշուի իր աշակերտներուն կողմէ, որպէս բարեհամբոյր, պատրաստակամ եւ գերազանցօրէն ազգային ջիղ ունեցող նուիրեալ ուսուցչուհի։

 

 Յարգանք իր առաքելութեան , եւ յաւերժ յիշատակ իր աներեր վաստակին։

 

Տխուր լուր ստացանք Պէյրութէն։

 Օրերս իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի կրթական-մշակութային շրջանակներուն մէջ  հանրաճանաչ անուն հանդիսացող Օրդ. Քնար Աբրահամեանը։

Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած են Այնճարի  Հայ Առաքելական Սուրբ Պօղոս  եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը ամփոփուած է Այնճարի Ազգային Գերեզմանատան մէջ։

 

 Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Քնար Աբրահամեանի կենսագրական գիծերը։

 Ծնած է Լիբանան՝ Այնճար, Փանոս Աբրահամեանի եւ Մարի-Թէրէզ Չաթալեանի յարկին տակ։

 Մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի ուսումը ստացած է Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին եւ երկրորդական ուսումը ՝Այնճարի Գ.Կիւլպէնկեան քոլէճէն ներս։

1965-ին անգլերէն լեզուի TOEFEL քննութեան մասնակցած եւ յաջողութեամբ անցած է: նոյն տարին ընդունուած է BUC-ի Women’s College (Beirut) մէջ, զոր աւարտած է 1969ին:

Իբրեւ կրթական մշակ, ուսուցչուհի եղած է Պուրճ Համուտի Ազգային Արամեան վարժարանի եւ տարի մըն ալ ծառայած է էշրէֆիէի «Ջաթալպաշեան» վարժարան:

1971-ին եղած է Պէյրութի Սուրէն Խանամիրեան Ազգային երկրորդական վարժարանի բազմավաստակ կրթական մշակ ու վարժարանի Անգլերէն լեզուի 25 տարուան սիրուած ուսուցչուհի։

Շրջան մը հաստատուած է Հայաստան, եւ Երեւանի մէջ Անգլերէնի անվճար դասաւանդութիւններ կազմակերպած։

 Ապա Հայաստանէն վերադարձած եւ հրաւիրուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքին մէջ դասաւանդելու, ուր ծառայած է 10 տարիներ:

Իբր Անգլերէն լեզուի փորձառու ուսուցչուհի, ծառայած է Polyglot Language School հիմնուած օրէն մինչեւ 2020:

 Քնար Աբրահամեան եղած է պարկեշտ միութենական դառնալով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» Կոմիտէութեան անդամ։

 Շրջապատին մէջ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն հանդիսացող ընկերուհի Քնար իր քաղցրահունչ ձայնով եղած է մշտական ներկայութիւն Համազայինի շրջանակներուն մէջ ու յատկապէս աշխոյժ մասնակցութիւն բերած՝ նոյն մարմնի «Գորանի» աշուղական խումբի հիմնադրման ու ապագայ գործունէութեան առընթեր։

Օրդ. Քնար, որ մեծ նուիրուածութեամբ գործած է մասնաւորապէս ուսուցչական ասպարէզին մէջ, միշտ ալ պիտի յիշուի իր աշակերտներուն կողմէ, որպէս բարեհամբոյր, պատրաստակամ եւ գերազանցօրէն ազգային ջիղ ունեցող նուիրեալ ուսուցչուհի։

 

 Յարգանք իր առաքելութեան , եւ յաւերժ յիշատակ իր աներեր վաստակին։