Օրդ. Քնար, որ մեծ նուիրուածութեամբ գործած է մասնաւորապէս ուսուցչական ասպարէզին մէջ, միշտ ալ պիտի յիշուի իր աշակերտներուն կողմէ, որպէս բարեհամբոյր, պատրաստակամ եւ գերազանցօրէն ազգային ջիղ ունեցող նուիրեալ ուսուցչուհի։
Յարգանք իր առաքելութեան , եւ յաւերժ յիշատակ իր աներեր վաստակին։
Տխուր լուր ստացանք Պէյրութէն։
Օրերս իր մահկանացուն կնքած է Լիբանանի կրթական-մշակութային շրջանակներուն մէջ հանրաճանաչ անուն հանդիսացող Օրդ. Քնար Աբրահամեանը։
Հանգուցեալի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած են Այնճարի Հայ Առաքելական Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը ամփոփուած է Այնճարի Ազգային Գերեզմանատան մէջ։
Ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Քնար Աբրահամեանի կենսագրական գիծերը։
Ծնած է Լիբանան՝ Այնճար, Փանոս Աբրահամեանի եւ Մարի-Թէրէզ Չաթալեանի յարկին տակ։
Մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի ուսումը ստացած է Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին եւ երկրորդական ուսումը ՝Այնճարի Գ.Կիւլպէնկեան քոլէճէն ներս։
1965-ին անգլերէն լեզուի TOEFEL քննութեան մասնակցած եւ յաջողութեամբ անցած է: նոյն տարին ընդունուած է BUC-ի Women’s College (Beirut) մէջ, զոր աւարտած է 1969ին:
Իբրեւ կրթական մշակ, ուսուցչուհի եղած է Պուրճ Համուտի Ազգային Արամեան վարժարանի եւ տարի մըն ալ ծառայած է էշրէֆիէի «Ջաթալպաշեան» վարժարան:
1971-ին եղած է Պէյրութի Սուրէն Խանամիրեան Ազգային երկրորդական վարժարանի բազմավաստակ կրթական մշակ ու վարժարանի Անգլերէն լեզուի 25 տարուան սիրուած ուսուցչուհի։
Շրջան մը հաստատուած է Հայաստան, եւ Երեւանի մէջ Անգլերէնի անվճար դասաւանդութիւններ կազմակերպած։
Ապա Հայաստանէն վերադարձած եւ հրաւիրուած Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքին մէջ դասաւանդելու, ուր ծառայած է 10 տարիներ:
Իբր Անգլերէն լեզուի փորձառու ուսուցչուհի, ծառայած է Polyglot Language School հիմնուած օրէն մինչեւ 2020:
Քնար Աբրահամեան եղած է պարկեշտ միութենական դառնալով ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, եւ Համազգայինի Շրջանային Վարչութեան եւ «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի վարչութեան եւ ՀՅԴ «Սարդարապատ» Կոմիտէութեան անդամ։
Շրջապատին մէջ սիրուած եւ յարգուած անձնաւորութիւն հանդիսացող ընկերուհի Քնար իր քաղցրահունչ ձայնով եղած է մշտական ներկայութիւն Համազայինի շրջանակներուն մէջ ու յատկապէս աշխոյժ մասնակցութիւն բերած՝ նոյն մարմնի «Գորանի» աշուղական խումբի հիմնադրման ու ապագայ գործունէութեան առընթեր։
Օրդ. Քնար, որ մեծ նուիրուածութեամբ գործած է մասնաւորապէս ուսուցչական ասպարէզին մէջ, միշտ ալ պիտի յիշուի իր աշակերտներուն կողմէ, որպէս բարեհամբոյր, պատրաստակամ եւ գերազանցօրէն ազգային ջիղ ունեցող նուիրեալ ուսուցչուհի։
Յարգանք իր առաքելութեան , եւ յաւերժ յիշատակ իր աներեր վաստակին։