Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ լոյսին տրուած է օրերս հիմնադրուած եւ Դաշնակցական մեծ գործիչ՝Ռուբէն Տէր Մինասեանի անունը կրող՝ «Ռուբէն» մատենաշարի առաջին երկու հատորները։
Նշենք, որ հատորը հրատարակուած է հրատարակչատան մէջ եւ հատորներու ձեւաւորումը կատարած է լիբանանահայ հանրային գործիչ, տպագրական աշխատանքներ իրականացնող՝ Սագօ Գասապեանը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ մատենաշարի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝
«Ռուբէն» Մատենաշարի խմբագրութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ որ, լոյս տեսած են «Ռուբէնի Յուշեր» շարքին առաջին եւ երկրորդ հատորակները։
Նոր ոճով՝ գրպանի գիրքերու տեսքով, այս հրատարակութիւնը պիտի ներկայացուի շարքով՝ իրերայաջորդ շարունակական հատորներով:
Այս եզակի, դաստիարակիչ եւ հարուստ գիտելիքներով պատումներու շարանը հարստացած է նոր նկարներով, որոնք կը հրապարակուին Հ.Յ.Դաշնակցութեան կեդրոնական արխիւէն քաղուած, եւ անհատ բարեկամներու կողմէ տրամադրուած տարիներու որոնողական աշխատանքներով ձեռք բերուած անտիպ նկարներով։
Մեր համոզումն է, որ նորահաս սերունդը, նախորդներուն նման պիտի կարդայ եւ դաստիարակուի այս պատումներով, ապա զանոնք պիտի տարածէ իր շրջապատին մէջ։
Փափաքողները իրենց օրինակները կրնան ապահովել դիմելով դիմատետրի մեր էջին, եւ roupenihoushere2023@hotmail.com