Երկրի տագնապալի կացութեան ի տես, Հայկական երեսփոխանական պլոքին հրաւէրով, «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ գումարուեցաւ ընդլայնուած խորհրդակցական ժողով, ներկայութեամբ ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններու եւ նախարարներու, ՀՅԴ Բիւրոյի Լիբանանի ներկայացուցիչ Մկրտիչ Մկրտիչեանի, Կեդրոնական կոմիտէի անդամներուն, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներուն:
Ներկայ էին երեսփոխաններ Յակոբ Բագրատունի, Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ Ժորժ Գասարճի, Նուրիճան Տէմիրճեան, Շահէ Պարսումեան, Սեպուհ Յովնանեան, Վրէժ Սապունճեան, Աւետիս Կիտանեան, Ալեքսան Մաթոսեան եւ Վարդինէ Օհանեան:
Քննարկումի նիւթ դարձան իսրայէլեան շարունակուող յարձակումները, ներքին եւ շրջանային անցուդարձերն ու անոնց ազդեցութիւնները երկրին վրայ, ինչպէս նաեւ ռմբակոծումներու հետեւանքով ստեղծուած տեղահանութիւնն ու թիրախաւորուած շրջաններու ամբողջական քանդումը:
Շեշտաւորուեցան թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան, զինադուլի եւ նախագահական ընտրութեանց հրամայական պահանջն ու դիւանագիտական լուծումներ գտնելու անմիջական անհրաժեշտութիւնը:
Ժողովականները անհրաժեշտ նկատեցին պահել հայկական միասնականութիւնն ու Լիբանանի հայութեան դիմագրաւած դժուարութիւններուն դէմ յանդիման համապատասխան կամքի եւ գործի դրսեւորումը:
Անհրաժեշտ նկատուեցաւ նաեւ հայկական թաղամասերու եւ հայահոծ շրջաններու մէջ հաստատուած լիբանանցի գաղթականներու նկատմամբ քաղաքացիական ըմբռնողութեան մեկնակէտով ցուցաբերել համապատասխան վերաբերում` շարունակելով տարբեր կառոյցներու, միութիւններու եւ բարեսիրական հաստատութեանց ցարդ կատարած օժանդակութիւնները:
Լուրը՝ «Ազդակէ»էն