Պէյրութի մէջ.Երիտասարդ՝ Նժդեհ Մերտխանեանի կորուստը

Պէյրութի մէջ.Երիտասարդ՝ Նժդեհ Մերտխանեանի  կորուստը

Լիբանանահայ երիտասարդ՝ Նժդեհ Մերտխանեան   (16 տարեկան) յետ  կարճատեւ անհանգստութեան մահացած է։ 

 Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։

 Նժդեհի անակնկալ մահը տխրութեան ալիք մը ստեղծած է մասնաւորապէս Ճեմարանի իր շրջանակին, ինչպէս նաեւ ազգականական շրջանակներուն մէջ։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ վերջին օրերուն Նժդեհի ինքնազգացողութիւնը վատացած է, որուն հետեւանքով ալ ան փոխադրուած է հիւանդանոց ու յանձնուած բժիշկներու խնամքին։

Կարեւոր ճիգեր գործադրուած են անոր  մատղաշ կեանքը փրկելու համար, սակայն այդ ճիգերը  ցաւալիօրէն չեն յաջողած եւ Նժդեհ աւանդած է իր հոգին խոր ցաւ պատճառելով իր մեծ ու փոքր ընտանիքներուն համար։ 

Նշենք նաեւ, որ Նժդեհ որդին է Ռաֆֆի եւ Փօլին Մերտխանեաններուն ու անոնց ազգային ոգիիի կրողն ու ժառանգորդը եւ որպէս այդպիսին միշտ ալ մասնակից եղած է, թէ Ճեմարանի, թէ ՀՅԴ Պատանեկանի ու նաեւ  ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ, որպէս աշխոյժ հայ երիտասարդ։

Երիտասարդ կորուստիՆ  յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Տաճարին մէջ, ուրկէ ալ անոր մարմինը փոխադրուած է Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատուն։

 

 Խորին ցաւակցութիւններ։