Լիբանանահայ երիտասարդ՝ Նժդեհ Մերտխանեան (16 տարեկան) յետ կարճատեւ անհանգստութեան մահացած է։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն։
Նժդեհի անակնկալ մահը տխրութեան ալիք մը ստեղծած է մասնաւորապէս Ճեմարանի իր շրջանակին, ինչպէս նաեւ ազգականական շրջանակներուն մէջ։
Կը հաղորդուի նաեւ, որ վերջին օրերուն Նժդեհի ինքնազգացողութիւնը վատացած է, որուն հետեւանքով ալ ան փոխադրուած է հիւանդանոց ու յանձնուած բժիշկներու խնամքին։
Կարեւոր ճիգեր գործադրուած են անոր մատղաշ կեանքը փրկելու համար, սակայն այդ ճիգերը ցաւալիօրէն չեն յաջողած եւ Նժդեհ աւանդած է իր հոգին խոր ցաւ պատճառելով իր մեծ ու փոքր ընտանիքներուն համար։
Նշենք նաեւ, որ Նժդեհ որդին է Ռաֆֆի եւ Փօլին Մերտխանեաններուն ու անոնց ազգային ոգիիի կրողն ու ժառանգորդը եւ որպէս այդպիսին միշտ ալ մասնակից եղած է, թէ Ճեմարանի, թէ ՀՅԴ Պատանեկանի ու նաեւ ՀՄԸՄ-ի շարքերուն մէջ, որպէս աշխոյժ հայ երիտասարդ։
Երիտասարդ կորուստիՆ յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցած է Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Տաճարին մէջ, ուրկէ ալ անոր մարմինը փոխադրուած է Պուրճ Համուտի Ազգային Գերեզմանատուն։
Խորին ցաւակցութիւններ։